2008-11-10 14:22:19

Վատիկանեան տեղեկութիւններ` Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահայանապետիան խորհուրդի նախագահ կարտինալ Մարթինօն այցելեց Հարաւային Քուրիա։


 Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահայանապետիան խորհուրդի նախագահ կարտինալ Մարթինօ Հարաւային Քուրիա կատարած այցելութեան ընթացքին տեսակցութիւն ունեցաւ երկրի նախարարապետ Daniel Han Seung-soo-ին հետ եւ իրմէ խնդրեց որ մահապատիժի դրութիւնը ջնջէ։ կարտինալը խօսք առնելով Քուրիայ եպիսկոպոսներու առջեւ յայտնեց թէ նախարարապետը իրեն վստահեցուց թէ նկատի պիտի առնէ խնդրասգիր։

Յայտնենք թէ կարտինալ Մարթինօ եւ նախարարապետը տարիներէ ի վեր իրարզիրար կը ճանչան եւ հանդիպումին ընթացքին խօսած են հիւսիսային Քուրիայի մարդու իրաւունքերու կացութեան, միջուկային զէնքի եւ սնունդի սակաւաութեան մասին։



Մարդու իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան 60-րդ տարեդարձի յիշատակում Վատիկանի մէջ։

Մարդու իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան 60-րդ տարեդարձին առիթով, Վատիկանը, դեկտեմբեր 10-ին համար, կը ծրագրէ հանդիսաւորապէս յիշատակել տարեդարձը, կազմակերպելով գիտաժողով մը եւ նուագահանդէս մը տալով Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի ներկայութեամբ։ Նուագահանդէս պիտի ղեկաւարէ Համերգը Inma Shara, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.